MԼիբանանեան Հաղորդումներու Միջազգային Ընկերութիւն (անգլերէն՝ Lebanese Broadcasting Corporation International; արաբերէն՝ المؤسسة اللبنانية للإرسال انترناسيونال) Լիբանանի առաջին անձնական պատկերասփիւռի կայանն է: Հիմնուած է 1992-ին՝ գնելով կալուածամասը, պատասխանատուութիւնը եւ LBC-ի լօկօն, որ ստեղծուած էր 1985-ին՝ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի ժամանակ:[1]
Այս պատկերասփիւռի կայանը համաշխարհային դարձաւ 1996-ին, երբ ստեղծեց «LBC Europe»-ը, որ կը սփռէր Եւրոպայի եւ Արաբական Աշխարհի առնչուած յայտագիրներ, «LBC America»՝ ԱՄՆ-ի եւ «LBC Australia»՝ Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Վերջերս, Լիբանանի մէջ հիմը դրաւ «LB2» ներկայացումներու կայանին:[1]